Մարտունիի Մէջ «Թիւֆենքեան» Հիմնադրամը Երկու Տուն Վերակառուցեց (լուսանկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 25-ին, «Թիւֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի իրականացուցած ծրագրով Արցախի Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքին մէջ, Հայրապետեաններու և Հերհեր համայնքի Սարգսեաններու ընտանիքները ունեցան նոր բնակարաններ:

Հայրապետեաններու և Սարգսեաններու տուները մեծ վնասներ կրած էին պատերազմի ընթացքին:

Տան օրհնութիւնը կատարեց Ճարտարի Սուրբ Վարդանանց Հայ Առաքելական եկեղեցու հոգևոր հովիվ Տեր Մխիթար Հարոյեանը: Արարողութեան ընթացքին, Սարգսեաններու ընտանիքը սառնարան մը ստացաւ, իբրեւ անակնկալ նուէր՝ «Թիւֆենքեան» Հիմնադրամի նուիրեալ կամաւոր, Սան Ֆրանսիսքոյի 21-ամեայ Ռազմիկ Մաքասճեանէն:

Բարեգործական սոյն այցին ընթացքին «Թիւֆենքեան» հիմնադրամի կողմէն նաև մարդասիրական օգնութիւն ստացան Մաճկալաշէն համայնքի տաս կարիքաւոր ընտանիքներ: «Այս նախաձեռնութիւնը շատ սահմանափակ մեկնարկ է, եւ յոյսով ենք, որ կրցանք հերթական անգամ օգնել մեր կարիքաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Մենք կը հաւատանք, որ արցախցին պիտի մնայ իր հայրենի հողին վրայ եւ մենք պիտի փորձենք հնարաւորինս օգնել անոնց»,- նշեց Հիմնադրամի հանրային կապերու պատասխանատու Ռուբէն Ճանպազեան: