ՀՀ ՄԻՊ-ը Տունիա Միատովիչի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Հրատապ Վերադարձի Անհրաժեշտութիւնը
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Սթրազպուրկի մէջ հանդիպած է Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միատովիչի հետ։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն:
Պաշտպանը յանձնակատարին ներկայացուցած է Ազրպէյճանէն հայկական կողմի գերիներու անյապաղ վերադարձի հրատապութիւնը՝ ներկայացնելով փաստեր այն մասին, որ ազրպէյճանական կողմը գերիները կը պահէ մարդու իրաւունքներու միջազգային պահանջներու կոպիտ խախտումներով։
Արման Թաթոյեանը ներկայացուցած է ազրպէյճանական զինծառայողներու կողմէ ՀՀ սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մէջ փաստահաւաք աշխատանքներու արդիւնքները։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ քրէակատարողական հիմնարկներու, հոգեբուժարաններու եւ ազատութենէ զրկման միւս վայրերու մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը, ինչպէս նաեւ երեխաներու, կանանց, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցեր:
