Եռացատկորդ Լեւոն Աղասեան Թոքիոյի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Մասնակցի

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը հաստատած է կապանցի եռացատկորդ Լեւոն Աղասեանի մասնակցութիւնը Թոքիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերուն։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէն։

Աղասեանը Թիֆլիսի մէջ իրականացուած Վրաստանի բաց առաջնութեան ցոյց տուած է 17 մ 16 սմ արդիւնք եւ նուաճած է ողիմպիական արտօնագիր:

Այդ արդիւնքը երկու սմ-ով կը գերազանցէ պահանջուող ցուցանիշը:

Այսպիսով՝ Ճափոնի մէջ իրականացուելիք ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի մարզիկներուն թիւը կը հասնի 17-ի: