Ատելութեան Խօսքը Ատելութեամբ Պայմանաւորուած Յանցագործութիւններ Կը Ծնի. Փայլանը՝ Ալթունին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է այդ երկրի նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան պետ Ֆահրետտին Ալթունի հակահայկական հռետորաբանութեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Ալթուն իր ելոյթներէն մէկուն մէջ խօսած էր ԱՍԱԼԱ-ի գործունէութեան եւ հայերը բնութագրած որպէս ահաբեկիչներ, ահաբեկչութեան կազմակերպիչներ։ Ալթունի ելոյթին տեսագրութիւնը Youtube-ը արգելափակած է՝ այնտեղ առկայ ատելութեան խօսքին պատճառով։ Իսկ թուրք գործիչը Twitter-ի մէջ բողոքած է նման «երկակի չափանիշներու դէմ»։

Կիսուելով Ալթունի հրապարակումով՝ Փայլան գրած է․

«Ելոյթիդ մէջ բազմիցս կը կրկնես «հայկական ահաբեկչութիւն», «հայ ահաբեկիչ» արտայայտութիւնները։

Իմ հայկական ինքնութիւնը անհիմն կը կապես ահաբեկչութեան հետ եւ ատիկա նոյնինքն ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔ Է։

Ատելութեան խօսքը կը ծնի ատելութեամբ պայմանաւորուած յանցագործութիւններ։

Ներսը կ՝օգտագործես, բայց Էտիրնէէն այն կողմ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ յանցանք է։

Պա՞րզ է»։