Երիտասարդ Ըմբիշ Լեովա Գէորգեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական խումբի անդամ Լեովա Գէորգեան երէկ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի երիտասարդական ախոյեանութեան 125 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Գէորգեան, որ մրցեցաւ ազրպէյճանցի Այտըն Ահմատովի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Գէորգեանէն առաջ Սերգէյ Սարգսեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր, իսկ Լեւիկ Միքայէլեան` արծաթէ մետալակիր:
