
Հայ Եօթը Ռազմագերիներու Վերաբերեալ Եւրոպական Դատարան Դիմում Ներկայացուած է
Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, համագործակցաբար Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնին հետ, եւս եօթը դիմում ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ խնդրելով «ժամանակաւոր միջոց կիրառել» 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն ետք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով գերեվարուած հայ զինծառայողներու գործերով։
«Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիները այդպիսին չճանչնալու շարունակական քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքի նկատմամբ այլասերուած վերաբերմունքի օրինակ է: Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը դադրի քաջալերելէ բռնապետ Ալիեւը եւ պահանջէ, որպէսզի Ազրպէյճանը կատարէ 1949թ. ընդունուած Ժընեւեան պայմանագրի պարտաւորութիւնները»,- կ՝ընդգծէ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնի ղեկավար, Հայ Դատի երկարամեայ գործիչ Քէն Խաչիկեան։
«Ժամանակաւոր միջոց» կիրառելու համար հայ գերիներու մասին շարունակական վկայութիւններ հաւաքագրելով՝ յիշեալ կեդրոններու դիմումները ՄԻԵԴ-ին առաջին քայլն է` ստիպելու Ազրպէյճանին՝ որպէս այդպիսին ճանչնալու հայ ռազմագերիները։ Ատիկա նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս՝ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան, մուտք գործելու գերեվարուած անձերուն մօտ։
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուած են շուրջ հարիւր հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ գործեր։ Վերջերս, նոյն համագործակցութեամբ, հնարաւոր եղած էր տեղեկութիւններ հաւաքել Ազրպէյճանի կողմէ պահուող շուրջ 90 հայ գերիներուն վերաբերյալ։
Իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ շուրջ հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակման ու անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
30.06.2021 թ