Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկան Կը Մեկնի

Աշխարհ, Սփիւռք

Այսօր` Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը մեկնի Վատիկան, մասնակցելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ներկայութեան:

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Հինգշաբթի, 1 Յուլիսին, եւ պիտի բաղկանայ երկու մասերէ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:

Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առաջին բաժնին խօսք պիտի առնեն Ֆրանսիս Պապը, Վեհափառ Հայրապետը եւ Րաայի Պատրիարքը:

Ընդառաջելով Պապին առաջարկին՝ Նորին Սրբութիւնը պիտի խօսի Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական-քաղաքական կացութեան եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւններու մասին, իսկ Րաայի Պատրիարքը պիտի խօսի եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասին:

Յիշեալ ժողովի նախաձեռնութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր դեր ունեցաւ՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ Պապին ուղղած իր նամակին ճամբով: Թէ՛ լիբանանեան եւ թէ եւրոպական ու վատիկանեան լրատու աղբիւրները յատուկ կերպով անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետին ունեցած դերակատարութեան՝ միաժամանակ հարցազրոյցներ ունենալով իր հետ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Րաայի Պատրիարքը այսօր կէսօրին յատուկ օդանաւով կը մեկնին Հռոմ ու պիտի վերադառնան Ուրբաթ, 2 Յուլիսի կէսօրին: Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան: