Պատերազմի Գերիները Հետապնդելը Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է. Շիֆ

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմի գերիներուն եւ անոնց դէմ սկսած դատական գործերուն:

Դեմոկրատ քոնկրեսականը ահազանգեց Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ մարդկային իրաւունքներու շարունակուող խախտումներուն մասին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապէն ետք, Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումը անընդունելի է: Պատերազմի գերիները հետապնդելը միջազգային ուխտերու կոպիտ խախտում է եւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ անտեսման վկայութիւն: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ հայ պատերազմի գերիները անյապաղ ազատ արձակելու ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգները պէտք է անհետեւանք չձգէ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները եւ դարձեալ գործի դնէ այն արգելքը, որմով չ՛արտօնուիր Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռազմական աջակցութիւնը Պաքուի վարչակարգին: Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ Ազրպէյճան անպատիժ խախտէ մարդկային իրաւունքները եւ ոտնահարէ միջազգային արժեչափերը»,- գրած է Շիֆ: