Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

25 Յունիսին Այնճար հայաւանին մէջ Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութեան Լիբանանի գրասենեակին (Եու. Էս. Էյտ. Լեպանոն) ֆինանսաւորումով բացումը կատարուած է հսկայական էքօ պուրակի` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Էքօ պուրակը կ՛ընդգրկէ կանաչ տարածքներ, ծառերու տնկիներու նախնական աճեցման տնակներ, ծառատնկուած տարածք, օմայատներու պատմական քաղաքի աւերակները եւ այլն:

Էքօ պուրակին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային: