
Արցախի Կառավարութիւնը «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրինագիծ Մշակեց
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Էրտողանի եւ Ալիեւի Շուշի այցելութեան ու յայտարարութիւններուն վերաբերեալ Արցախի կառավարութեան յստակ դիրքորոշումն այն է, որ անոնց գործողութիւնները ապօրինի են։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան՝ տեղեկացնելով, որ Արցախի կառավարութեան մէջ մշակուեցաւ «Բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծը, որ յառաջիկայ օրերուն շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի կառավարութեան մէջ եւ հաստատուելէ ետք պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով:
Բեգլարեան հրապարակեց օրինագիծէն որոշ մեջբերումներ, մասնաւորապէս, ըստ օրինագիծին, «Բռնագրաւուած տարածքի» կարգավիճակ պիտի ստանան Արցախի բոլոր այն շրջանները, որոնք կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, եւ բռնագրաւուած տարածքները Արցախի անբաժանելի մաս են, որոնց եւս կը վերաբերի Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնքներու գործողութիւնը:
Օրինագիծով՝ «Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան պարտականութիւնը եւ անոնց խախտման պատասխանատւութիւնը, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու համաձայն, կ՝ինայ բռնագրաւումը իրականացուցած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վրայ» եւ որ՝ «Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ օտարերկրեայ անձերու մուտքը, ելքը եւ տեղաշարժը կ՝արտօնուի միայն Արցախի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով։ Այդ կարգի խախտումը կ՝առաջացնէ Արցախի օրէնսդրութեամբ սահմանուած հետեւանքներ»։