Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Ախոռի Վերածուած է (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի Սուրբ Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակն մէջ է։ Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով՝ մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիք ունի վերականգնման ու խնամքի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Թովմաս առաքեալի մասունքներու ամփոփման նպատակով՝ 11-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճի կողքը՝ 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի գագաթին։

Վանի Գեւաշի (Ոստան) շրջանի Ալթընսաչ գիւղի մօտակայքը գտնուող վանական համալիրի հեռաւորութիւնը Վանայ լիճէն կը կազմէ 80մ,  Վան քաղաքէն՝ 75քմ, իսկ Գեւաշի շրջանէն՝ 40 քմ։ Այստեղ կարելի է հասնիլ ե՛ւ ցամաքով, ե՛ւ նաւերով։

Կիսաւեր ըլլալուն պատճառով՝ այսօր նաեւ զբօսաշրջիկներու կողմէ անտեսուած պատմական կառոյցը վերականգնուելու եւ համապատասխան խնամքի պարագային կրնայ վերածուիլ զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։

Հակառակ թրքական իշխանութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ կոչերուն, վանական համալիրը բարեկարգելու եւ պահպանելու համար դեռ ոչ մէկ միջոց չէ ձեռնարկուած: 

Սուրբ Թովմաս հայկական վանքին տարածքը մէկ կողմէն կը գտնուի գանձախոյզներու թիրախին մէջ, իսկ միւս կողմէն՝ ամրան ընթացքին՝ անասուններու համար կը վերածուի ժամանակաւոր գոմի: