Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սիւնիք եւ Արցախ Մեկնած Է
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ հոգեւորականաց պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ՝ Յունիս 3-ին հայրապետական այցով մեկնած է Սիւնիքի մարզ, որմէ ետք կ՝ուղեւորուի Արցախ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Վեհափառ Հայրապետի հետ Արցախ մեկնած է նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեան։
Սիւնիք այցին ընթացքին կը նախատեսուի Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն Գորիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Նորին Սրբութիւնը զինուորական պանթէոնին մէջ իր խոնարհումը կը բերէ եւ կ՝աղօթէ ի սէր հայրենեաց զոհուած քաջորդիներու հոգիներու հանգստութեան համար։
Նոյն օրը նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն Շուռնուխ համայնք։
