Փաշինեանի Փարիզ Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու. Յովսէփ Տէր Գէորգեան
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարին Փարիզ այցելութիւնը իր կողմէ փորձ մըն է ընտրութիւններուն նախօրեակին քաղաքական մուրացկանութեամբ օրինականութիւն գտնելու: Այս մասին, Յունիս 1-ին, «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան։
«Մենք զայն չենք ճանչնար իբրեւ վարչապետ, առաւել եւս` իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ան ոչ թէ հայկական պետութիւն կը ներկայացնէ, այլ` պարտութեան, ստախօսութեան, պետականութեան կործանման, մեր ազգի նուաստացման ու դաւաճանութեան խորհրդանիշն է»,- ըսաւ ան:
Յովսէփ Տէր Գէորգեան հետաքրքրական նկատեց այն, թէ ինչո՞ւ Փաշինեան այսօր կը դիմէ նախագահ Մաքրոնին, երբ 9 Նոյեմբեր 2020-ին արհամարհեց նոյն Մաքրոնի հեռաձայնները, որոնք կրնային կանխել այդ ամօթալի յայտարարութեան ստորագրութիւնը` աւելցնելով, թէ Փաշինեանի այս այցելութիւնը սին քարոզչութեան ու ամբոխավարութեան հերթական ապացոյց է:
«Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ չէ, որ պիտի գտնէ մեր այսօրուան աղէտալի վիճակէն դուրս գալու միջոցներ: Ֆրանսան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրավիգ է Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ Փաշինեան այս յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յաւելեալ արժէք չունի. այս կացութենէն դուրս գալու հիմնական արգելքը ի՛նքն է, եւ լուծումը մէկն է ու միակը` իր անյապաղ հեռացումը»,- եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
