Խաղաղութեան, Զարգացման եւ Մարդու Իրաւունքներու Եգիպտական «Մաաթ» Կեդրոնի Փորձագիտական Ուսումնասիրութեան Անդրադարձը՝ Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Եգիպտոսի յանձնախումբէն կը յայտնեն, որ Խաղաղութեան, զարգացման եւ մարդու իրաւունքներու եգիպտական «Մաաթ» կեդրոնի միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բաժանմունքը հրապարակած է «Քաղաքացիական անձերու պաշտպանութիւնը ռազմական գործողութիւններու ընթացքին (Ղարաբաղեան պատերազմը իբրեւ ուսումնասիրութեան առարկայ)» փորձագիտական ուսումնասիրութիւնը։

Հեղինակները, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հանրաճանաչ սկզբունքերու եւ կարգաւորումներու՝ յատկապէս «Քաղաքացիական անձերու պաշտպանութեան մասին» Ժընեւի 1949 թ. համաձայնագրի եւ վերջինիս 1977 թ․ արձանագրութիւններու լոյսին տակ ներկայացուած են 2020 թ․ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու բոլոր դրսեւորումները, մասնաւորապէս` քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծութիւնները, ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւումը, արգիլուած զինատեսակներու օգտագործումը՝ ինչպէս ռազմական գործողութիւններու, այնպէս ալ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձերու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը, հիւանդանոցներու, բուժօգնութեան կէտերու, կրօնական յուշարձաններու, կենսական ենթակառուցուածքներու, լրագրողական առաքելութիւններու թիրախային ռմբակոծումները, քաղաքացիական անձերու դիտաւորեալ սպանութիւնները եւ այլն։

Առանձնապէս կը ներկայացուին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ կամ անոնց իբրեւ արդիւնք խոցելի խումբերու՝ կանանց, երեխաներու, տարեցներու եւ գերիներու իրաւունքներն ու անոնց հետ վերաբերմունքի միջազգային պարտաւորութիւնները։

Ըստ հեղինակներու՝ Ազրպէյճանական վայրագութիւններն ու պատերազմական յանցագործութիւնները, որոնց զոհ դարձած են 41 քաղաքացիական անձ, իսկ ռազմական գործողութիւնները յանգեցուցած են 110․000 քաղաքացիական անձերու տեղահանման եւ տասնեակ հազարաւորներու՝ մշտական բնակութեան վայրերու կորուստի, ամբողջութեամբ կը տեղաւորուին Նիւրենպերկի 1945 թ․ միջազգային զինուորական դատարանի կանոնադրութեամբ նախատեսուած ռազմական գործողութիւններու ծիրին մէջ։

Ուսումնասիրութիւնը կ՝աւարտի մասնագիտական խորհրդատւութեամբ։

Ամբողջական ուսումնասիրութեան, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

01.06.2021թ.