Մինչեւ Նոր Իշխանութեան Ձեւաւորումը, Անյետաձգելի Անհրաժշտութիւն է Թշնամիի Կասեցումը. ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները անմիջական պատասխանատւութիւն կը կրեն ՀՀ սահմաններուն վրայ ծաւալուող իրադարձութիւններուն համար: Հայրենիքը չպաշտպանելու անոնց վարքագիծը պատճառ է, որ թշնամին ա՛լ աւելի լկտիանայ ու սանձարձակ գործողութիւններու դիմէ: Նիկոլ Փաշինեանը դեռ 2020թ. Նոյեմբեր 18-ին խոստացած էր շուտափոյթ Հայաստան վերադարձնել գերեվարուած անձերը: Այս խոստումէն ետք՝ ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուեցան նոր քաղաքացիներ: Այսօր թշնամին գերեվարեց վեց զինծառայող, իսկ Մայիս 25-ին, թշնամիին գնդակէն զոհուեցաւ ՀՀ զինուած ուժերու զինծառայող: Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրենց պարտականութիւնները կատարելու փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները զբաղած են ստեղծուած իրավիճակին համար Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս մեղաւորներ նշանակելով:

Վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը մէկ անգամ եւս կը փաստեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւն գոյութիւն չունի, եւ ամէն օրը սպառնալիք է պետութեան գոյութեան համար:

Ազգային արժանապատւութիւնը վերականգնելու, ՀՀ քաղաքացիներու եւ հայրենիքի անվտանգութիւնն ու պաշտպանուածութիւնը ապահովելու լուծումը ընտրութիւններու միջոցով երկրի կառավարումը ազգային ուժերուն եւ անձերուն փոխանցելն է: Սակայն, մինչեւ նոր իշխանութեան ձեւաւորումը, անյետաձգելի անհրաժշտութիւն է թշնամիի կասեցումը:

Ըստ այդմ՝

1.կը պահանջենք Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ փաստացի հեռացում եւ Հայաստանի կառավարութեան ժամանակաւոր նոր ղեկավարի նշանակում: Այս հարցով կառավարութեան անդամներու եւ իրաւապահ մարմիններու անգործութիւնը զանոնք կը դարձնէ յանցակից, եւ իրենցմէ իւրաքանչիւրը անհատական պատասխանատւութիւն կը կրէ երկրի անվտանգային եւ դիւանագիտական ձախողումներուն համար,
2.կոչ կ՝ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ Հայաստանի դաշնակից երկիրներուն՝ դատապարտել Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները, ձեռնարկել գործողութիւններ՝ զսպելու վերջինս:

Հ. Յ. Դաշնակցության
Հայաստանի Գերագոյն մարմին
27.05.2021 թ.