Հայաստանի Տարածքէն Գերեվարուած Է ՀՀ ԶՈւ 6 Զինծառայող. ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Մայիս 27-ի վաղ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին վրայ՝ ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին վրայ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու զինծառայողներու կողմէ շրջափակուած եւ գերեվարուած է ՀՀ ԶՈՒ վեց զինծառայող։ Այս մասին հայտարարութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր՝ գերեվարուած զինծառայողները վերադարձնելու ուղղութեամբ։