
Յոյն Եւրոերեսփոխանը Ազրպէյճանէն Հայ Գերիներու Անմիջական Վերադարձը Կը Պահանջէ
Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, յոյն երեսփոխան Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս Ազրպէյճանէն պահանջեց հայ ռազմագերիներու անմիջական վերադարձը՝ միջազգային կանոններուն հիման վրայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, եւրոերեսփոխանը կը նշէ.
«2020-ի ընթացքին, Ազրպէյճանի պատասխանատուութեամբ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երկխօսութեան ընթացքը։ Պատերազմի հրահրումը պատճառ դարձաւ համատարած բռնութեան ծաւալումին, որուն զոհ գացին բազմաթիւ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ՝ մահմետական վարձկաններու ներկայութեան, որոնք ղրկուեցան Թուրքիոյ անմիջական օգնութեամբ»։
Երեսփոխանը շեշտեց, որ հրադադարը յատկանշուեցաւ հայ ռազմագերիներու նուաստացումով եւ մինչեւ այսօր բազմաթիւ արգելքներ դրուած են անոնց վերադարձին առջեւ։ Նաեւ, մեծ թիւով հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներ ոչնչացած են ազրպէյճանցիներու գրաւումին տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ «Եւրոպական Միութիւնը բացարձակապէս անպատրաստ գտնուեցաւ հակազդելու Թուրքիոյ ու իր դաշնակիցներու նորօսմանական նկրտումներուն», մատնանշեց Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս։
«Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է գէթ հիմա ցոյց տալ իր վճռականութիւնը, յաջողելով հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձը եւ միջազգային կանոններու հիման վրայ` Ազրպէյճանի դրսեւորած բռնութեան կանգնումը։
Միջազգային գետնի վրայ, Եւրոպական Միութիւնը հանդիսացած է հակամարտութիւններու լուծման լուսաւոր օրինակը եւ մենք պարտաւոր ենք տարածել այդ տիպարը»։