Մալխաս Ամոյեանը՝ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Մալխաս Ամոյեանը յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկան ըմբիշներու Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչին՝ 6։0 հաշիւով՝ յաղթելով ուքրանացի Անտրէ Կուլիկին՝ նուաճեց ոսկէ մետալը։

Ամոյեանը անպարտելի անցնելով գօտեմարտերը՝ մրցափուլերէն իւրաքանչիւրին վաստակեցաւ երեքական միաւոր եւ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։