
Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը. Յունաստանի ԱԳՆ
Մօտէն հետեւելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցիներու կատարած ոտնձգութիւններու ծաւալումը Սիւնիքի մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Twitter-ի իր էջին վրայ հրապարակում մը կատարեց, որով կը յայտնէ, թէ պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Նախարարարութիւնը, ակնարկելով նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու հատումին ու ներթափանցումին, կը նշէ, թէ պէտք է կանք առնեն միակողմի արարքները, որոնք կը խափանեն շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Ստորեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումը։
«Մասնաւորապէս մտահոգիչ է լարուածութիւնը, որ ստեղծուած է Հայաստանի սահմաններու երկայնքին։ Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Անհրաժեշտ է խուսափիլ որեւէ միակողմի արարքներէ, որոնք կրնան խափանել շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը»։