
Նիկոլ Փաշինեանը Իրաւազօր Չէ Հայաստանի Կառավարութեան Անունով Որեւէ Փաստաթուղթ Ստորագրելու. «Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը
Հայրենակիցներ, Սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանել փորձող Նիկոլ Փաշինեանը երկրին մէջ ստեղծած է քաոս եւ պատրաստ է պետութեան ու հայրենիքի հաշուին կատարել ցանկացած ազգադաւ գործողութիւն։ Փաստացի, թուրք-ազրպէյճանական ատելութիւնը կը շարունակուի:
Վիճակը յետագային շտկելը գերմարդկային ջանքեր պիտի պահանջէ:
Երկրի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարած, տէ իւրէ լիազօրութիւնները կորսնցուցած Նիկոլ Փաշինեանը իրաւազօր չէ Հայաստանի կառավարութեան անունով ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ:
Բացի այդ, միջազգային իրաւունքով արգիլուած որեւէ գործողութիւնով, ներառեալ՝ ուժի կիրառումով կամ զայն կիրառելու սպառնալիքով ձեռք բերուած ցանկացած համաձայնութիւն առ ոչինչ է:
Մեկնելով վերը նշուածէն՝
1. Կառավարութիւնը պարտաւոր է դադրեցնելու Նիկոլ Փաշինեանի լիազօրութիւններու ապօրինի կատարումը: Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն ժողովուրդի թիկունքին հերթական հակապետական փաստաթուղթի ստորագրումը օրինական չի կրնար ըլլալ։
2. Հայ ժողովուրդի կենսական շահերը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կրնան ապահովել միայն յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններով ձեւաւորուող նոր իշխանութիւնները:
3. Կառավարութեան պարտքն է կազմակերպել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնումը հնարաւոր բոլոր միջոցներով։
20.05.2021թ.