
ՀՀ Ստորաբաժանումները Նախազգուշացնող Կրակ Բացած Են Սահմանին
Մայիս 20-ին միջադէպ եղած է Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին վրայ՝ ՀՀ տարածքը հատած ազրպէյճանցի զինուորականներու մասնակցութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ժամը 15.00-ի սահմաններուն, քանի մը տասնեակ կրակոց արձակուած է, ենթադրաբար՝ օդ, որմէ ետք հայկական ստորաբաժանումները նախազգուշացնող կրակ բացած են։
Ազրպէյճանցի զինուորականներու հրամանատարը կապ հաստատած է հայկական ստորաբաժանման հրամանատարին հետ, խնդրած է դադրեցնել կրակը, ներողութիւն խնդրած եւ յայտնած, որ կրակոցները պատահականութեան արդիւնք են։
ՀՀ զինուած ուժերը կը նախազգուշացնէ, որ նմանօրինակ միջադէպերու կրկնութիւնը պիտի դիտարկուի իբրեւ առճակատման դիմելու միտումնաւոր փորձ եւ պիտի յանգեցնէ հայկական կողմի համապատասխան գործողութիւններուն»,- ըսուած է հաղորդագրությեան մէջ։