
Անպարտելի Սիւնիքը (Գէորգ Պետիկեան)
Եթէ մինչեւ հիմա, մօտիկ բարեկամներով մտերմիկ եւ անկեղծ մեր հանդիպումներուն, իբրեւ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթ կամ վէճ եւ աւելին՝ կարծիքներու փոխանակումները կեդրոնացած կ’ըլլային մեր հայրենիքի ներկայ խառնակ իրադարձութիւններու ու մանաւանդ անցեալ տարուան վերջերուն տեղի ունեցած Արցախեան պատերազմի ու անոր աղէտալի արդիւնքներուն եւ հայրենի երկրի ներկայ իրավիճակին մասին, բայց այս անգամ, հոսքին հունը հիմնովին փոխուելով, ինքնաբերաբար տարբեր «գոյն-ձեւ» ստացաւ: Այսպէս, Սիւնիքը եւ իր ներկայի իրավիճակէն մեկնած, ծնած եւ իր շուրջ ստեղծած սուր եւ վտանգաւոր կացութիւնը դարձած էր կեդրոնական եւ գլխաւոր նիւթը, մեր վերջին սովորական եւ մտերմիկ միտքերու փոխանակման մթնոլորտին:
Ու հազիւ իրարու «հալ-քէֆ» հարցուցած, աւելի ճիշդ, մեր համեստ հիւրանոցէն ներս տեղաւորուած, հիւրերուս ինչպէս միշտ՝ այս անգամ ալ անմեղօրէն հարց տուի, թէ արդեօ՞ք բոլորն ալ գիտէին, թէ մեր հայրենիքէն ներս ո՞ւր կը գտնուէր սա տագնապալի Սիւնիքը եւ կամ ինչե~ր գիտէին անոր մասին:
Ու կցկտուր քանի մը պատասխաններէ ետք, շատ համեստ թելադրեցի, որ բոլորս ալ դիմենք մեր «այֆօններուն» եւ կամ «այբատներուն» եւ կարդանք, տեղեկանանք եւ ծանօթանանք ու ապա մեր ու տեղեկութիւնները «բաժնենք» իրարու մէջ:
Համաձայնեցանք: Ու վայրկեանին, մեր սենեակը վերածուեցաւ աղմկոտ գրադարանի մը: Ոմանք, իրենց ափերուն մէջ հեռաձայններուն դիմելով, իսկ միւսները «այբատներուն», սկսան փնտռտուքի եւ ապա՝ ընթերցանութեան: Շուրջ քառորդ ժամ ետք, եւ ինքնածին, սկսաւ մեր զիրար ուսուցանելու, հայրենիքի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան տեսակ մը «դասապահը» յիշեցնող տեսարանը, որուն ընթացքին, մոռնալով մեզ շրջապատող մեր կիները, ինչպէս նաեւ խմիչքի կամ սուրճի գաւաթները, համբերատար լսեցինք եւ տեղեկացանք մեր սիրելի Սունիքի մասին այնպիսի նորութիւն-տեղեկութիւններ, որոնցմէ տարիներէ ի վեր հեռու մնացած եւ կամ ալ իրապէս մոռցած ալ էինք:
Այսպէս, սորվեցանք, որ.-
Սիւնիքը ներկայ Հայաստանի հարաւին դարպասն է եւ մեր հայրենիքի ամէնէն լեռնոտ շրջանը:
Սիւնիք կամ Սիսական, Մեծ Հայքի 9-րդ նահանգը եղած է եւ Վանի թագաւորութեան ժամանակէն հոն շինուած էին բերդեր, քաղաքներ և ջրանցքներ։ Ստեփան Օրփէլեան սրբազան-պատմիչի համաձայն, Սիւնիքի մարզի տարածքի մեծ մասը կը կազմեն ժայռերը, լեռնաշղթաները եւ խոր ձորերը, որոնց մէջէն անցնելով կը հոսին լեռնային գետակներ։ Սիւնիքի ամէնէն մեծ գետն է՝ Որոտանը, իսկ ամէնէն բարձր լեռը՝ Կապուտջուղը:
Պատմականօրէն Սիւնիքը մէկն է Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն եւ վարչականօրէն բաժնուած եղած է 12 գաւառներու։ Սիւնիքը նաեւ կը կոչուի Զանգեզուր եւ կամ ալ Սիսական աշխարհ: Հոս դարեր առաջ իշխած է Սիսական տոհմը: Շրջանը կամ նահանգը աւելի ճիշդ ամրոցը, հռչակա-ւոր եղած է իր երկնամբարձ ամրոցներով ու հազարամեայ վանքերով։ Յիշենք, որ այստեղ կը գտնուի 13-րդ դարուն ստեղծուած Հայաստանի ամէնէն հին համալսարանը՝ Գլաձորը։
10-12րդ դարերուն Սիւնիքը թագաւորութիւն եղած է, իսկ ներկայիս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի
հանրապետութիւններու միջեւ, վիճելի տարածք:
Սիւնիքի մարզի քաղաքներն են՝ Կապանը, Սիսիանն ու Մեղրին, Քաջարանը, Ագարակն ու Դաստակերտը եւ Գորիսը: Այս վերջինը գոյութիւն ունեցած է ցարական իշխանութեան օրերէն:
Կապան քաղաքը, այս մարզի մայրաքաղաքն է: Սիւնիքէն կ’անցնի Հայ-իրանական կազամուղը, նաեւ կը նախատեսուի, մօտ ապագային ստեղծել երկաթուղային հաղորդակցութիւն, հարաւի մեր դրացիին հետ։
1918-1920 թուականներուն Նախիջեւանի եւ Արցախի նման, Սիւնիքը եւս դարձած էր մարզ: 1920-ի Դեկտեմբեր 2-ին կը ստորագուէր Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստան Ատրպէյճանին կը յանձնէր Սիւնիքը։ Սակայն, Սիւնիքի հայ բնակչու-թիւնը այս համաձայնագիրը չընդունելով, զինուած պայքարի դիմած էր Գարեգին Նժդեհի
հրամանատարութեամբ։ Սիւնիքը անկախ մնացած է նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պոլշեւիկները ամբողջութեամբ գրաւած էին Հայաստանի հանրապետութեան մնացած մասը։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Սիւնիքը կրկին վերածուած է առանձին մարզի։
Սիւնիքը հարուստ է իր հանքերով: Օրինակ՝ Քաջարանը՝ պղինձով: Սիւնիքի ռազմական դիրքը ակնյայտօրէն կարեւորագոյն է մեր հայրենիքին համար: Շրջանը կը ներգրաւէ պատմամշակութային արժէքներ, ինչպէս Տաթեւի վանքը, Նորավանքը, Զօրաց քարերը (Քարահունջ), եւ բերդերը՝ Բաղաբերդ, Քարահունչ եւայլն:
Յայտնի է Որոտանի վիթխարի կիրճը: Այստեղ գետը կ’անցնի բնութեան կերտած «Սատանի կամուրջին» տակով: Որոտանին, «Շաքի» վտակի վրայ ստեղծուած է համանուն գեղատեսիլ ջրվէժը: Յայտնի են Տաթևի, Քաջարանի, Գորիսի, Որոտանի (Ուռուտի) և բազմաթիւ այլ հանքային աղբիւրները:
Սիւնիքը նաեւ միրգի աշխարհ է: Նշանաւոր են իր արեւադարձային պտուղները՝ կիվին ու նարինջը, ինչպէս նաեւ միրգերու թագուհին՝ արքայանարինջը-«կարայլոկը»:
Պատմութենէն տեղեակ ենք, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ արդէն կազմաւորուած էին մելիքութիւնները։ 18-րդ դարուն, Արցախի մէջ հինգ մելիքութիւնները, իրար դաշնակից, կը վայելեն ինքնիշխանութեան կարգավիճակ, ճանչցուած՝ Պարսից Շահէն։ 1720-ականներուն, Դաւիթ Բէկի կազմակերպած ապստամբութեան շնորհիւ, Սիւնիքը նոյնպէս կը ճանչցուի իբրեւ ինքնավար մելիքութիւն, գրեթէ անկախ պարսկական արքայութենէն։ Քաջասիրտ ղեկավարը կը մղէ յաղթական կռիւներ նաեւ Օսմանցի Թուրքերուն դէմ։ Մխիթար Սպարապետը շարունակեց Դաւիթ Բէկին գործը, անոր մահէն ետք։ Սակայն՝ դաւաճան հայեր կտրեցին իր գլուխը ու յանձնեցին Թաւրիզի փաշային։ Պղնձահանքերու շնորհիւ, տեղացիք Դաւիթ Բեկի գլխաւորած ազատագրական պայաքի ժամանակ ձուլած էին զինմթերք ու յատկապէս թնթանօթներ:
* * *
Այսչափ: Եւ ապրիս մը՝ բոլորիս:
Արդ, այս բոլոր բացատրութիւններէն, տեղեկութիւններ ետք, հաստատեցինք, որ Սիւնիքը Հայաստանի հարաւային սահմանները պաշտպանող վահանն է: Հոս այս տարածքէն ներս զգալի եւ նոյնիսկ տեսանելի է հայ մարդոց մեծ սէրը, հանդէպ հայրենի հողին եւ մշակոյթին:
Սիւնեցիները լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է գտնել անոնց, դէպի իրենց հոգին տանող ճանապարհը: Անոնք լեռնական մարդիկ են, ո՛չ մէկ կասկած: Ու սիւնեցին դժգոհ չէ: Միշտ եղած է լաւատես: Փնտռած է խաղաղութիւնն ու իր տարածքի բերքին առատութիւնը: Ունի եւ ունեցած է օրինակելի մեծ հոգի, որուն շնորհիւ միշտ դիմագրաւած է բոլոր դժուարութիւնները եւ շարունակած է մնալ թշնամիին համար անպարտելի, իսկ բնութեան՝ անընկճելի եւ աշխարհի դիմաց՝ պարզերես:
Սիւնեցիք զարմանալի մարդիկ են: Թէեւ բոլոր մարզերուն նման ունին ներքին հարցեր եւ խնդիրներ, սակայն իրենց լեռներուն նման միշտ մնացած են ամրակուռ եւ հաստատակամ եւ չընկրկող ու մանաւանդ իրենց ունեցածով՝ գոհացող: Ժամանակին, Զանգեզուր-Սիւնիքը կը համարուէր «եօթը սարից այն կողմ գտնուող» հեքիաթային երկիր, իր բարձրադիր լեռներով եւ հիասքանչ բնութեամբ ու յատկապէս պատմական յուշարձաններով:
Հոս նոյնիսկ լեռները, կը համարուին սրբութիւններ:
Ուստի զայն պէտք է միշտ պաշտպանել, ու կապուած պահել հայրենի հողին, որովհետեւ ան Հայաստանի ողնաշարն է, հաստատապէս: