
Մտահոգուած Ենք, Մեր Հայրենիքը Վտանգուած է․ Գանձասարի Վանահայր
Մտահոգուած ենք, մեր հայրենիքը վտանգուած է, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան խնդիր կայ, ասոր մասին պէտք է բարձրաձայնել։ Այս մասին, Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին, իր մտահոգութիւնները յայտնած է Արցախի թեմի փոխ առաջնորդ, Գանձասարի վանքի վանահայր Սահակ վարդապետ Շաքարեան։ Հարցազրոյցը վարած է Լիանա Սարգսեան։
«Սահմաններ կ՝որոշեն, հարցեր կը քննարկեն, ես ատոր մասնագէտը չեմ, բայց կ՝ուզեմ, որ խաղաղութիւն պահպանուի, կ՝աղօթենք, որ խաղաղութիւն ըլլայ։ Ի հարկէ, չենք վախնար պատերազմներէն եւ պայքարէն, բայց արդէն յոգնած ենք։ Անվտանգութեան հարցեր կան, որոնք լուծուած չեն։ Միշտ ալ վտանգը կայ»,- նշած է վանահայրը։ Սահակ վարդապետ Շաքարեան յայտնած է, որ ազրպէյճանցիներու առաջխաղացման մասին լսած է, յստակ Գանձասարի հատուածին վրայ այս պահուն իրավիճակը խաղաղ է։ «Առանձնապէս բան չկայ, ազրպէյճանցիները իրենց տեղն են։ Հաւատացյալները կու գան, կ՝աղօթքեն, քարոզ կը լսեն, ես իմ ծառայութեան մէջ եմ։ Լսած եմ, որ առաջխաղացում կայ, յստակ բան չեմ կրնար ըսել։ Կիրակի օրը ուխտաւորներ պիտի գան Գանձասար՝ պատարագի մասնակցելու․ Հոգեգալստեան տօնն է»,- աւելցուցած է Գանձասարի վանահայրը։