
Հայաստան Մուտք Գործելու Ընթացակարգի Փոփոխութիւնները՝ «Քորոնա» Համաճարակի Լոյսին Տակ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանեց Հայաստան մուտք գործելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերաբերեալ ընթացակարգի հետեւեալ փոփոխութիւնները.
«ՀՀ կառավարութեան 2020թ. Սեպտեմբեր 11-ի № 1514 որոշման մէջ կատարուած եւ 2021թ. Մայիս 17-էն ուժի մէջ մտած փոփոխութիւններուն համաձայն.
«- Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու համար կը ներկայացուի.
«1.«Քորոնա» ժահր հիւանդութեան (COVID-19) ախտորոշման ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքը հաւաստող առաւելագոյնը 72 ժամ վաղեմութեան վկայագիր, կամ
«2. «Քորոնա» ժահր հիւանդութեան (COVID-19) դէմ ամբողջական պատուաստուած` երկու դեղաչափ, երկրորդ դեղաչափը երկիր մուտք գործելու օրէն նուազագոյնը 14 օր առաջ ներարկուած ըլլալը հաւաստող վկայագիր։
«- Բացասական քննութեան կամ պատուաստման վկայագիր չի պահանջուիր մինչեւ 1 տարեկան երեխաներու համար:
«Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածքէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած անձերուն կողմէ վկայագիրը կը ներկայացուի COVID-19 բջիջային յաւելուածի միջոցով:
«- Օտարերկրացիներու համար ՀՀ մուտքը կը շարունակէ բաց մնալ ինչպէս օդային, այնպէս ալ` ցամաքային ճանապարհով:
«-«Քորոնա» ժահր հիւանդութեան (COVID-19) պատճառով` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ մեկուսացումը սահմանուած է մինչեւ 2021թ. Յուլիս 11:
«ԱՐՄԵԴ համակարգով գրանցուած անձերու պարագային պատուաստման վկայագիրը կրնայ ներկայացուիլ ArmedeHealth բջիջային յաւելուածով: Անձը կրնայ բջիջային յաւելուածով կամ բջիջային յաւելուածէն արտահանուած թղթային տարբերակով ներկայացնել պատուաստման վերաբերեալ տեղեկութիւն` պաշտպանուած QR քոտով:
«Վկայագիր չունեցող անձերը ենթակայ են նմուշառման օդակայանին մէջ կամ ցամաքային սահմանի անցման կէտերուն մէջ եւ պարտադիր ինքնամեկուսացման` մինչեւ ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքի ստացումը:
«Զննութեան արդիւնքներով անձի նկատմամբ կը կիրառուի հիւանդանոցի հոգատարութիւն, եթէ առկայ են համապատասխան ախտանշաններ:
«Բացասական զննման կամ պատուաստման վկայագիր չներկայացուցած եւ նմուշառումէն կամ հետազօտութենէն հրաժարելու պարագային կը կիրառուի մեկուսացում 14 օրացուցային օրով:
«ՊՇՌ հետազօտութեան հետ կապուած ծախսերը կը հոգայ քաղաքացին:
*Վկայագիրը պէտք է ըլլայ հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն` հետազօտութիւնը/պատուաստումը իրականացուցած բժշկական կառոյցի բոլոր կապերու տուեալները եւ ղեկավարի անունը ընդգրկող ձեւաթուղթով` նշելով հետազօտուած/պատուաստուած անձի անունը եւ ազգանունը, անձը հաստատող փաստաթուղթի համարը, ծննդեան տարեթիւը, հետազօտութեան արդիւնքը, պատուաստանիւթի արտադրական անունը, թիւը, առաջին եւ երկրորդ դեղաչափի ներարկման տարեթիւերը, ստորագրուած կազմակերպութեան ղեկավարին կողմէ ու հաստատուած կազմակերպութեան կնիքով: