Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դատապարտէ Հրեայ Երիտասարդներու Կողմէ Հայ Հոգեւորականին Վրայ Յարձակումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հոգեւորականներէն մէկը հրեայ երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հրապարակեց  յայտարարութիւն մը՝ խստիւ դատապարտելով Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներու յարձակումը,  որ գործադրուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին վրայ:

Հայր Արբակը վիրաւորուեցաւ եւ անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն ստանալէ ետք դուրս եկաւ:

«Պատրիարքութիւնը ոստիկանութեան ներկայացուց պաշտօնապէս բողոք, որմէ ետք յարձակուողներէն երեքը ձերբակալուեցան: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը արդար քննութիւն կատարէ եւ յանցագործները պատժուին օրէնքի համաձայն՝ ապագային նման դէպքերու կրկնութենէն խուսափելու համար», կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան:

Լուսանկարը՝ Ս. Սահակեանի դիմատետրի էջէն