Մայիս 20-ին Տեղի Պիտի Ունենայ 3 Արժէքաւոր Գիրքերու Շնորհանդէսը

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 20-ին, ժամը 15.00-ին, ՀՅԴ Երեւանի «ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» կեդրոնին մէջ (Գիւլպենկեան 38, 5-րդ յարկ) տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ ականաւոր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան, հատոր 13», (Պէյրութ, 2020), «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները»,(Երեւան, 2020), «Նիկոլ Դուման. Նամականի», (Երեւան, 2021) գիրքերուն շնորհանդէսը:

«Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան» 13-րդ հատորին մէջ ամփոփուած են ՀՅ Դաշնակցութեան 1916-1918թ. ժամանակաշրջանի գործունէութեան մասին ամենակարեւոր փաստաթուղթերը:

«Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» կ՝ամփոփեն հայ ազատագրական շարժման անվիճելի հսկայ Քրիստափոր Միքայէլեանի 143 անտիպ գրութիւններ, որոնք յայտնաբերուած են ՀՅԴ կեդրոնական արխիւին մէջ:

«Նիկոլ Դուման. Նամականի» ժողովածուն նոյնպէս կ՝ամփոփէ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչ Նիկոլ Դումանի՝ գերազանցապէս անտիպ նամակները եւ այլ գրութիւններ: