
Կրօնական Ազատութեան Միջազգային Յանձնաժողովը (USCIRF) Մտահոգուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ Վիճակով
Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնաժողովը՝
USCIRF-ը, մտահոգուած է, որ Ազրպէյճանի «Կրօնական ազատութեան մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները չեն անդրադառնար անցեալ տարի USCIRF յանձնակատարներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն, ինչպիսիք են Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վիճակը:
«USCIRF-ը անհանգստացած է այլ աղօթատեղիներու ամբողջականութեան մասին տեղեկութիւններով, ինչպիսիք են Շուշիի Ղազանչեցոց հայ առաքելական եկեղեցին, որու գմբէթները, ըստ ամենայնի, հանուած են «վերականգնման» լուրերու լոյսին տակ` առանց եկեղեցւոյ վերակառուցման:
Ի հարկէ, տաճարը պէտք է վերակառուցուի անցեալ աշնան ազրպէյճանական գնդակոծութիւններուն պատճառած վնասին պատճառով: Մնացած վայրերը պէտք է պատշաճ կերպով վերականգնուին եւ պահպանուին»,- ըսած է USCIRF յանձնակատար Նատին Մայենցան:
2021 թ. տարեկան զեկոյցին մէջ USCIRF-ը ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը հրաւիրած է Ազրպէյճանը ներառելու իր յատուկ ցուցակին մէջ`դիտարկելու կրօնի ազատութեան լուրջ խախտումները կամ անհանդուրժողականութիւնը: