Բողոքի Ցոյց՝ Լոս Անճելըսի Ազրպէյճանի Դեսպանտան Առջեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, 15 Մայիսի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ համայնքային բողոքի ցոյց մը, դատապարտելու համար Սիւնիք ներխուժելու՝ Ազրպէյճանի քայլը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Պաշտօնական ձեռնակին ընթացքին ելոյթներ ունեցան համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմերու առաջորդներ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։

Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տոքթ.Քարմէն Օհանեան։

Լուսանկարները՝ Մալքըմ Ժանսընին