Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներ Չոնկ, Աշթըն եւ Ծերակուտական Հուսաքոս կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Սահմանախախտումի Փորձերը
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Մայքըլ Չոնկ եւ Նիքի Աշթըն, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Լիօ Հուսաքոս դատապարտած են Սիւնիքի սահմանգծին իրականացուող ազրպէյճանական կամայական սահմանախախտման բռնարարքները։
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մաիքըլ Չոնկ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի դիրքորոշուի ի նպաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան։
Նոր Դեմոկրատատական կուսակցութեան անդամ ՆԻքի Աշթըն նոյնպէս կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որ դատապարտէ Հայաստանի սահմանագծին վրայ թրքական աջակցութեամբ ազրպէյճանական սահմանախախտումի արարքները՝ որպէս միջազգային օրէնքները խախտող արարք։
Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս իր կարգին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի ոտնահարումը վտանգաւոր և անօրինական նախայարձակում է։
