Վերիշէնի Գիւղապետը՝ Անդրադարձած է Ազրպէյճանցիներու Սիւնիք Մտնելուն
Նախորդ գիշեր ազրպէյճանացիները Սիւնիքի մարզի Վերիշէն հատուածին մէջ առաջացած են 3-4 քմ, տեղադրած են ազրպէյճանական դրօշը եւ տեղակայուած այնտեղ։ Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Սիւնիքի մարզի Վերիշէն վարչական շրջանի ղեկավար Արարատ Օրդեան։ «Այս պահուն հայկական զինուժը կը բանակցի՝ թշնամին հայկական պետական սահմանէն հեռացնելու համար»,- ընդգծած է ան։
«Այս հատուածին մէջ պաշտպանութիւն չկայ, միշտ ալ կ՝ըսէինք՝ դիրք պէտք է։ Ձմեռունէ կ՝ըսէինք, իշխանութիւնը ականջալուր չեղաւ, շատ ուշացուցին․ անոնք այդքան մօտեցած, հասած են մեզի, առաջ եկած ու դրօշը դրած են։ Մերինները կը բանակցին, որ ետ ուղարկեն, դրօշը հանած, հեռացուցած են։ Գործողութիւնները կ՝ընթանան բնակավայրէն եօթը քմ հեռու, եթէ անգամ կրակոց ըլլայ, չի լսուիր։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն հիմա ոչ ոք ապահովագրուած է, պէտք է ուշադիր ըլլանք, հերթապահութիւն իրականացուի բնակչութեան կողմէ»,- ըսած է Օրդեան՝ շեշտելով,- «Ազրպէյճանը Սիւնիքի եւ, առհասարակ, ամբողջ Հայաստանի նկատմամբ ալ հաւակնութիւն ունի, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ պիտի ձգենք՝ գան, վերցնեն։
«Բանակը այս պահուն այնտեղ է»,- աւելցուցած է Վերիշէնի գիւղապետը։
