Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Կ՛ահազգանէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայկական Գերեզմաններու Ոչնչացումը
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կ՝ահազանգէ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ վանտալիզմի իր քաղաքականութիւնը` բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացնելով հայկական գերեզմանները եւ գերեզմանաքարերը, զանոնք օգտագործելով՝ իբրեւ շինանիւթ ճամբաներու կառուցման:
Ըստ անոր` հայկական գերեզմաններու ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն եւ յիշողութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան համատարած ատելութիւնը եւ անարգանքը:
«Անոնց այս գործելաոճը մեզի համար նորութիւն չէ, մենք բազմիցս ականատես եղած ենք Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն` ուղղուած Արցախի տարածքին հայ ժողովուրդի կեանքի, սեփականութեան, պատմական արժէքներու եւ յիշողութեան դէմ: Ազրպէյճանի յանցագործ վարքագիծին նպատակը յստակ է՝ ոչնչացնել բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայութեան բազմադարեայ գոյութեան մասին վկայող ցանկացած հետք ու ապացոյց»,- իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:
Ընդգծելով, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներով կը ճշդուի, որ հակամարտող կողմերը պէտք է յարգանք ցուցաբերեն իրենց վերահսկողութեան տակ յայտնուած գերեզմաններուն նկատմամբ՝ պէտք է տարբերակիչ նշաններով առանձնացնեն գերեզմանավայրերը եւ ապահովեն անոնց պահպանումը` Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ հայկական գերեզմանները պղծելով եւ ոչնչացնելով Ազրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն մարդկային իրաւունքու եզրերը, այլ նաեւ անձի արժանապատւութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունքը:
«Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած եւ իրականացուող յանցագործութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ գիտակցի ասիկա»,- եզրափակած է Ստեփանեան:
