Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնը Անդրադարձած է ՄԻԵԴ-ին Ներկայացուած 3 Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Հարցին
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 11 Մայիսին հաղորդած է, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Արդարադատութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական կեդրոնը (ALC)՝ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցով գործակցած է Երեւանի Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին (ICLC) հետ եւ անդրադարձած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) ներկայացուած հայ երեք ռազմագերիներու ազատ արձակման: 4 Մայիս 2021-ին երեք ռազմագերիներ հայրենիք վերադարձան Հայաստան` Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար, զօրավար Ռուստամ Մուրատովի աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Ռոպերթ Վարդանեանի (19 տ.), Սամուէլ Շուխեանի (22 տ.) եւ քաղաքացիական անձ Սէյրան Թամրազեանի (46 տ.) ազատ արձակումը կը վկայէ գերիներու հարցով իրաւական միջնորդական աշխատանքներուն յառաջընթացը: Ներկայիս Վարդանեան եւ Թամրազեան ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած են, իսկ Շուխեան տան մէջ բուժումի կ’ենթարկուի:
Մինչեւ օրս ALC-ն եւ ICLC-ը ՄԻԵԴ ներկայացուցած են գրեթէ 100 գործ` ռազմագերիներու անվտանգութեան, բարեկեցութեան ապահովման եւ անոնց անյապաղ ազատ արձակման պահանջ: 2021 Յունուարէն սկսեալ ALC-ն եւ ICLC-ն կը գործակցին` Ազրպէյճանի կողմէն անօրինական գերութեան մէջ պահուող նոյնականացուած հայ ռազմագերիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար եւ կը շարունակեն մնալ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման շարժման առաջատարները:
Հայ ռազմագերիներու անունով ALC-ի շահերու պաշտպանութիւնը ներառած է հանդիպումներ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ` Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումը մեծցնելու համար: «Մենք կը խրախուսենք Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական կառավարութիւնները, միջազգային միջնորդ կազմակերպութիւնները եւ հպատակներու հետ միասին ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ` ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները` համաձայն Ժընեւի համաձայնութեան եւ Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմաններուն: Այնուամենայնիւ, ALC-ն խորապէս մտահոգուած է Ալիեւին հաճոյանալու անտեղի ջանքերով, որով ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիները պարզապէս ներկայացուած են իբրեւ կալանաւորուած անձինք: Այս բառամթերքը կը ծառայէ միայն ռազմատենչ բռնապետը խրախուսելու համար եւ վտանգի տակ կը դնէ անմեղ կեանքերը», ընդգծած է ALC-ի նախագահ Քէն Խաչիկեան:ALC-ն, ICLC-ի հետ գործակցութեամբ, կը շարունակէ հետապնդել բոլոր հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման խնդիրը, ինչպէս նաեւ 19 հայ ռազմագերիներու հարցը, որոնք ապօրինի կերպով պատանդ առնուած են Ազրպէյճանի կողմէն եւ սպանուած են գերութեան մէջ: «Ազրպէյճանը պատասխան պիտի տայ անօրինական գերութեան մէջ պահուած հայերու մահուան համար, ինչպէս Արցախեան պատերազմի ընթացքին, այնպէս ալ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն վերջ», յայտնած է Ք. Խաչիկեան:
Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած ALC-ն շահոյթ չհետապնդող ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որուն առաքելութիւնն է հետապնդել արդարութիւն Հայոց Ցեղասպանութենէն բխող մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար, ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը:
ALC-ն նաեւ ներկայացուցած է նաեւ 19 հայ ռազմագերիներու մասին հակիրճ տուեալներ, որոնք դաժանօրէն սպանուած են գերութեան ընթացքին:
