Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ՝ «Թռչնոց Բոյն»ի Մէջ

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 27 Ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Հայրապետին կ՛ընկերանային միաբան հայրեր։

Վեհափառը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Ապա, հայրապետին նախագահութեամբ վերոյիշեալ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Եաքոպսոնի դամբարանին առջեւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր անձնուէր ծառայութիւններուն համար՝ հանդէպ ցեղասպան թուրքին ձեռամբ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին։

Խօսելով իր այցելութեան եւ յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Եաքոպսոնի մասին՝ վեհափառը ըսաւ. «Ապրիլ 24ի ոգիով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, հեռու լուսարձակներէ ու պաշտօնականութենէ, ուզեցի այցելել «Թռչնոց Բոյն» եւ հազարաւոր որբերու անունով յարգանք մատուցանել ու աղօթել Մարիա Եաքոպսոնի հոգիին համար։ Մարիա Եաքոպսոն ոչ միայն խնամատարը ու պաշտպանը եղած է մեր հազարաւոր որբերուն, այլ բառին հարազատ հասկացողութեամբ ՄԱՅՐ եղած է անոնց։ Ան 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն տեսած ու վկան դարձած է, այլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ապրած է զայն: Այս դամբարանը յուշարար մըն է, որ օտար ազգի ծնունդ այս երիտասարդուհին հայերէն սորված է, հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրած է եւ մայրը դարձած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հազարաւոր որբերուն»։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ հայրապետը վերաշեշտեց Մամային՝ Մարիա Եաքոպսոնի մեզի փոխանցած պատգամը. «Մի մոռնաք ձեր նահատակները ու անոնց նուիրական կտակը»։ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ սկսած Մարիա Եաքոպսոնի առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի եւ պէ՛տք է շարունակուի», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: