Պաքու Արգիլեց Դադիվանքի Մէջ Ծանուցուած Քահանայական Ձեռնադրութիւնը
25 Ապրիլին, համաճարակին պատրուակով, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ արգիլուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի եւ խումբ մը ուխտաւորներու մուտքը Դադիվանք։
Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ Ա․ քհնյ․ Մելիքեան յայտնեց, թէ այդ օրը վանքին մէջ նախատեսուած էր վանաբնակ միաբանի քահանայական ձեռնադրութիւնը, որուն մասին նախապէս ծանուցուած էր, եւ համաձայնեցուած էր ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ:
«Հակառակ կատարուած նախնական անհրաժեշտ բոլոր տնօրինումներուն, հնարաւոր չեղաւ մօտենալ վանքին: Աւելին` արտօնութիւն ստացած ուխտաւորներու 25 հոգինոց խումբին քանակը իջեցուած էր տասի: Իսկ արգելքէն ետք չէ արտօնուած անգամ փոխանցել միաբաններուն համար պարբերաբար մատակարարուող սնունդը: Ակնյայտ է, որ այսպիսով Պաքու ձգտած է ձախողցնել քահանայական ձեռնադրութիւնը, որ նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուեցաւ Գանձասարի վանքին մէջ»,- ըսաւ ան, դատապարտելով Ազրպէյճանի այս կեցուածքը:
«Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է եւ հերթական արտայայտութիւնն է հայատեացութեան, հայկական սրբավայրերու եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի նկատմամբ ոտնձգութեան»,- եզրակացուց Վահրամ Ա․ քհնյ․ Մելիքեան։
