Աւելի Քան 65 Քոնկրեսականներ Կոչ Ուղղած Են Ներկայացուցիչներու Պալատին Հայաստանի եւ Արցախին 100 Միլիոն Տոլարէն Աւելի Օգնութիւն Յատկացնելու
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամէ կազմուած երկկուսակցական խումբը միացած է հայկական հարցերու յանձնաժողովին` անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն վերջ կոչ ուղղելով 100 միլիոն տոլարէ աւելի տնտեսական օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին:
Քոնկրեսականները նամակ ուղարկած են Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Պարպարա Լիին եւ աւագ անդամ Հէլ Ռոճըրսին, որովհետեւ պիտի սկսի 2022-ի տնտեսական արտաքին յատկացումներու նախագիծի մշակումը:
Նամակին մէջ քոնկրեսականներ Ֆրէնք Փալօն, Ճէքի Սփիէր եւ Ատամ Շիֆ յայտնած են. «Հայաստանի եւ Արցախի համար 2022-ին տնտեսապէս յատկացուելիք օգնութիւնը խիստ կարեւոր է ժողովուրդին համար աւելի անվտանգ ապագայ ապահովելու, ժողորդավարութիւնը յառաջ տանելու, կայուն տնտեսական զարգացում ապահովելու եւ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի հարցերով երկրին աջակցելու համար»:
Նամակին մէջ քոնկրեսակնները կոչ ուղղած են 100 միլիոն տոլարէն բացի 2 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքի ոչնչացման ծրագիրին:
Բացի այդ, կոչ ուղղուած է կասեցնելու անվտանգութեան ոլորտին ԱՄՆ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, որովհետեւ երկիրը չէ վստահեցուցած, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները դադրեցուցած է:
