ԱՄՆ Նախագահի Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ Համար Առ Ոչինչ Է. Էրտողանի Մամուլի Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուէն վերջ արձագանգած է նախագահ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ անհիմն պնդումներ յառաջ բերելով, թէ Պայտըն նման որոշում գոյացուցած է հայկական լոպպիի ազդեցութեան տակ` Քալըն յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը Թուրքիոյ համար առ ոչինչ է:

Էրտողանի խօսնակը, կրկնելով Թուրքիոյ պաշտօնական թեզերը, յայտարարութեան մէջ յատկապէս յայտնած է.

«Պատմական իրադարձութիւնները պատմաբաններու կողմէն պէտք է ուսումնասիրուին: Պատմական իրողութիւնները քաղաքական նեղ շահերը չեն կրնար կանխորոշել: Մեր նախագահ Էրտողանը, 1915 թուականի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար պատմութեան միատեղ յանձնաժողով ստեղծելու կոչ ուղղելով, կը փափաքէր պատմութեան առնչուող այս հարցը ազատել քաղաքականութեան եւ վատ նպատակներ հետապնդող շրջանակներու ստուերէն: Անոնք, որոնք կը վախնային ճշմարտութեան բացայայտումէն այս կոչին չարձագանգեցին»:

Ինչպէս Չաւուշօղլուն, ան նոյնպէս դատապարտած է Սպիտակ տան ղեկավար յայտարարութիւնը եւ զայն մեղադրած է պատմական իրողութիւնները աղաւաղելու մէջ: Նաեւ դիտել տուած է, որ Պայտընի յայտարարութեան հետեւանքով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ պիտի յառաջանայ «խոր վէրք», իսկ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը պիտի վնասուի: