ԱՄՆ Նախագահ Ճօ Պայտըն Պաշտօնապէս Գործածեց «Ցեղասպանութիւն» Եզրոյթը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 24-ին, հայ ժողովուրդին յղուած ուղերձին մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներու շարքին, Ճօ Պայտըն եղաւ առաջինը, որ պաշտօնապէս գործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը:

Վերջերս, շարունակ կը նշուէր, թէ նախագահ Պայտըն մտադիր է գործածել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը եւ այս գծով, ան նոյնիսկ տեղեակ պահած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: