Ցեղասպանութիւնը Ճանչցուած է, Պէտք է Ստիպել Թուրքիոյ, Որ Ընդունի՛ Այդ Փաստը եւ Հատուցէ․ Կարէն Խաչատրեան
Սուլթանական, երիտթրքական եւ քեմալական կառավարութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպպանութեան քաղաքականութեան եւ իրականացման միջեւ տարբերութիւններ չեն նկատուիր, ատիկա շարունակական երեւոյթ է։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսաւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան ուսումնարանի փոխ տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Կարէն Խաչատրեան «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատւութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին։
«Այսօր արդէն՝ 106-րդ տարելիցին, կրնանք ըսել, որ այդ շղթային մէջ էրտողանական կառավարութիւնը իր հաստատակամ եւ պատուաւոր տեղը ստանձնեց եւ շարունակականութիւնը ապահովեց։ Պարզ կը դառնյ, որ ատիկա տասնամեակներ, հարիւրամեակներ շարունակուող նպատակաուղղուած գործողութիւն է՝ վերացնել հայկական պետութիւնը, վերացնել տարածաշրջանին մէջ հայկական գործօնը»,- նշեց Կարէն Խաչատրեան։
Ան նկատեց, որ շատ հարցերու մէջ ատիկա ընել Թուրքիա պետութիւնը յաջողած է՝ նաեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծելով իրմէ կախեալ, վասալ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը։ Անոնք միասին, տասնամեակներ շարունակ, կ՝իրականացնեն այդ գործընթացը՝ զրկելով մեզ Արեւմտեան Հայաստանէն՝ արեւելահայերը իրենց պատմական հայրենիքէն, նաեւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքներէն, եւ այսօր ալ այդ տարածքները գրաւելով՝ Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ ապահովեց իր կարեւոր, ռազմավարական դիրքը։ Այսօր, ըստ Կարէն Խաչատրեանի, Թուրքիան կը փորձէ ձեռնոց նետել ոչ միայն տարածաշրջանի, այեւ՝ աշխարհի հզօր պետութիւններուն եւ դեռ որոշ չափով յաջողած է։
«Մեր իշխանութիւնները շատ հարցերու մէջ իրենց բարձրութեան վրայ չեն գտնուիր, որ պէտք էր ակնկալել։ Կը կարծեմ, այն, ինչ չըներ իշխանութիւնը, մենք պէտք է ոչ թէ խնդրենք, այլ մենք ընենք եւ մեր վրայ վերցնենք պատասխանատւութիւն։ Գիտական հարթութենէ աւելի վստահ պէտք է մտնել քաղաքական հարթութիւն՝ նկատի ունենալով, որ պետութիւնը իր պաշտօնը չի կատարեր»,- ըսաւ Կարէն Խաչատրեան։
Ան առաջարկեց քանի մը թեզ, որոնք ճիշդ պիտի ըլլայ առաջ տանիլ․ նախ՝ պէտք չէ խօսիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն ճանչցուած եւ դատապարտուած իրողութիւն է եւ ատիկա արդէն պատմութիւն է։
«Տասնեակ կարեւոր պետութիւններ ճանչցած են, Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիան ճանչցած է, ԱՄՆ օրէնսդիր մարմինը ճանչցած է, հիմա պէտք է խնդիրը ըլլայ, որ Թուրքիոյ ստիպեն, որ ընդունի՛ Ցեղասպանութեան փաստը՝ անկէ բխող հետեւանքներու վերացման եւ հատուցման խնդիրներով»,- ըսաւ Կարէն Խաչատրեան։
Անոր համոզումով՝ այդ ընդունման հնարաւոր է հասնիլ բացառապէս Թուրքիոյ վրայ արտաքին ճնշումներու միջոցով։ Թուրքիան ինքնակամ չի ճանչնար, քանի որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը տանի Թուրքիոյ հնարաւոր կործանման մօտ ապագային։
Յաջորդ անհրաժեշտութիւնը՝ պէտք է շարունակել խուսափիլ Թուրքիոյ լարած թակարդներէն՝ ըլլայ ատիկա պատմաբաններու յանձնաժողով, քննարկումներ եւ այլն։ Այսինքն, պէտք չէ արտօնել, որ խնդիրը քաղաքական հարթութենէն մտնէ անդադար քննարկումներու՝ գիտական ոլորտ։
Մանրամասն՝ տեսանիւթով․
