Չպատժուիլը Ոճրագործը Կը ՄղԷ Նոր Յանցանքի. Արցախի ԱԺ-ի Յայտարարութիւնը` Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Ազգային ժողովը 22 Ապրիլին որդեգրեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տայ, թէ 2020-ի՝ Արցախեան 3-րդ պատերազմի բազմահազար անմեղ զոհերը, հայրենի երկրի մեծ մասի կորուստը, յետ-պատերազմեան շրջանին հայկական ազգային, քրիստոնէական յուշարձաններու նկատմամբ անհանդուրժողական վերաբերմունքը դարձեալ կը յուշեն, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրենց քաղաքական օրակարգէն չեն հանած հայասպանութեան ծրագիրները:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Ապրիլ 24-ին աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ հայ ժողովուրդը եւ բարի կամքի տէր մարդիկ պիտի ոգեկոչեն մեր 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
«Հայ ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքին մէջ բնաջնջելու Թուրքիոյ յանցաւոր քաղաքականութիւնը հանդիսացաւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը:
«Այդ ամէնը կատարուեցաւ աշխարհի լուռ եւ շահանկատ հայեացքին ներքոյ: Մեր ժողովուրդի միլիոնաւոր զաւակներ ցեղասպանուեցան, հայրենազրկուեցան:
«Պետականօրէն կազմակերպուած, այլատեացութեան ծնունդ այդ յանցագործութիւնը չունի վաղեմութեան ժամկէտ:
«Ոճրագործը չպատժելը զինք կը մղէ նոր յանցագործութեան: Այս ճշմարտութիւնը դարձնելով գործելաոճ, աւելի քան մէկ դար անց, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հետապնդել հայ ժողովուրդը:
«Այսօր Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ արդարացման քաղաքականութիւնը որդեգրած է անոր հոգեզաւակ Ազրպէյճանը: Պաքուի, Սումգայիթի, Գանձակի, Գետաշէնի եւ Մարաղայի մէջ` կին, ծեր ու մանուկ սպանուեցան, հազարաւոր մարդիկ տեղահանուեցան հայ ըլլալու պատճառով:
«Ոգեկոչելով մեր սրբադասուած նահատակները` հայ ժողովուրդի արժանապատւութիւնը եւ գերագոյն արժէք պետականութիւնը պահպանելու համար, մենք ազգովի առաւել քան պատասխանատու պէտք է վերաբերինք ներքին եւ արտաքին առկայ մարտահրաւէրներուն:
«Մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ ու արարել հայրենի հողին վրայ: Ատիկա պիտի ըլլայ լաւագոյն յաղթաթուղթը Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման ճանապարհին»:
