Մարիա Զախարովան Անդրադարձած է «Զանգեզուրի Միջանցքը» Գրաւելու Ալիեւի Սպառնալիքներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան անդրադարձած է «Զանգեզուրի միջանցքը» գրաւելու Ալիեւի սպառնալիքներուն: Ամէն շաբաթեայ ճեպազրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ Մոսկուան կողմերուն կոչ կ՝ընէ ձեռնպահ մնալու վրէժխնդիր տրամադրութիւններէ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ, որ կրկին կրնայ տարածաշրջանը պատերազմի եզրին հասցնել:

«Կը յորդորենք պահպանել Նոյեմբեր 9-ին եւ Յունուար 11-ին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` յիշեցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքներու ապաշրջափակումը եւս կը տեղաւորուի այդ համաձայնութիւններու տրամաբանութեան մէջ»,- ըսած է Զախարովան։