«Ի Յիշատակ» Մեր Պատմական Հայրենիքի Կամ Անցաւորաց. Ֆլէշմոպ

Հայաստան

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ՝ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը կ՝առաջարկէ նուիրաբերել գումար «Ի յիշատակ» մեր պատմական հայրենիքի կամ անցաւորաց։

Նշուած ելեկտրոնային հասցէով՝ Հիմնադրամը պիտի ուղարկէ հաւաստագիր, որպէս հաստատում նուիրաբերութեան։ Կ՝առաջարկուի ներբեռնել զայն հասարակական կայքեր՝ քաջալերելով ընկերները միանալու «Ի յիշատակ» նուիրաբերութեան։

«Խորհրդանշական պիտի ըլլայ կարդալ մեր պատմական հայրենիքի քաղաքներու, գիւղերու, մարզերու անունները «Ի յիշատակ» հաւաստագրին մէջ։ Նաեւ իւրաքանչիւր նուիրաբերողի համար առիթ պիտի ըլլայ հետամուտ ըլլալու իր արմատներուն, յիշելու հարազատները, որոնք վերապրած են Ցեղասպանութիւնը կամ նահատակուած են այդ օրերուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կատարեցէք «Ի յիշատակ» նուիրաբերութիւն՝ լրացնելով բաց ձգուած դաշտերը։ «Ձեր ուղերձը» դաշտին մէջ կրնաք գրել Ձեր պապենական քաղաքի, գիւղի անունը (օրինակ «Ի յիշատակ Արեւմտյան Հայաստանի Եդեսիա քաղաքի», նիւթը կրնաք շարունակել), գիտցէք, որ անիկա պիտի երեւն ձեր հաւաստագրին մէջ։

«Ի յիշատակ որուն կը կատարէք նուիրաբերութիւնը» դաշտին մէջ կ՝առաջարկենք գրել Ձեր տոհմի ազգանունը՝ օրինակ «Պետրոսեան ընտանիք»։

Ձեր նուիրաբերութիւնը պիտի տրամադրուի կեանքը կամ առողջութիւնը հայրենիքին համար զոհաբերած զինուորին կամ անոր ընտանիքին։