
Չաւուշօղլուն՝ Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հաւանականութեան Մասին
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն լայնածաւալ հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Haberturk» լրատուականին՝ անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Այս թեմային առնչութեամբ՝ Չաւուշօղլուն ըրած է հետեւեալ շեշտադրումները. «Ապրիլ 24-ի հարցով ԱՄՆ-ը ինքն ալ պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը/օրէնքները: Ցեղասպանութեան սահմանումը տրուած է ՄԱԿ-ի որոշումներուն մէջ եւ պարզ կերպով նկարագրուած է: ՄԻԵԴ-ն ալ այս հարցին վերաբերեալ որոշումներ ունի: Կան նաեւ տարբեր երկիրներու ՍԴ-ներու որոշումները»:
Անոր պնդումով՝ եթէ ԱՄՆ-ն կը յարգէ միջազգային օրէնքը, ուստի իրենք պէտք չէ ամէն օր քնանան-արթննան այս մասին մտածելով:
«Մենք պէտք է ձերբազատուինք մեր որոշ վախերէն ու բարդոյթներէն: Ի՜նչ է՝ ամէն գիշեր պէտք է մեռնինք, կամ վախէն դողդողանք (այդ մտածմունքէն): Ասիկա չեմ ըսեր այն իմաստով, թէ «Ամերիկա, եղբա՛յր, ինչ կ՝ըսես, ըսէ»: Սակայն մենք, որպէս պետութիւն, որ գիտէ իր պատմութիւնը, պէտք է մեր վրայ վստահ ըլլանք: Եթէ ԱՄՆ-ը կ՝ուզէ վատթարացնել մեր յարաբերութիւնները, ընտրութիւնը իրն է»,- ըսած է Թուրքիոյ ԱԳ ղեկավարը: