Թուրքիոյ Մէջ Կրօնափոխ Հայերը 1945-ին Ալ Պետութեան Կողմէ Շարունակած Են «Վտանգաւոր» Համարուիլ

Աշխարհ, Էրկիր

«Ակօս» պոլսահայ շաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած նոր փաստաթուղթը կը վկայէ, որ 1945 թ Օրդուի մէջ կրօնափոխ եղած հայերը պիտակաւորուած են պետութեան կողմէ, եւ անոնց վերաբերեալ ըսուած է «Երկրի համար անոնցմէ շահ ակնկալելը անիմաստ է»։

Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, գրած է թրքական «Տուվար» պարբերականը։


Աղբիւրին համաձայն՝ Թուրքիոյ վարչապետարանին կից Հանրապետական արխիւին մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք յայնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ առկայ են Օրտուի եւ շրջակա բնակավայրերուն մէջ ապրող հայերուն գրանցումները։ Թուրք ուսումնասիրող Մահսունի Կիւլի կողմէ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած սոյն վաւերագիրը կ՝ընդգրկէ Օրտուի հայերու 3 էջնոց եւ իսլամացած հայերու 2 էջնոց ցանկեր, ըստ որոնց՝ 1945 թ․ Օրտուի եւ մերձակայքի մէջ ապրած է ընդհանուր առմամբ 114 հայ։


Փաստաթուղթին երկրորդ էջի վարի հատուածին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է․ «Վերոյիշեալ կրօնափոխ հայերը, ըլլալով Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ տեղահանութեան ենթարկուած հայերու զաւակները, լքուած են կամ առաւելագոյնը վերցուած վրացի գաղթականներու հովանիին տակ եւ մեծցած անոնց կողմէ։ Այն փաստը, որ այս հայերուն մեծ մասը անկեղծօրէն չէ ընդունած իսլամը, ակնյայտ կը դառնայ անոնց հայկական համայնքի հետ շփումներէն ու կապերէն։ Երկրին համար անոնցմէ շահ ակնկալելը անիմաստ է»։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՝ընդգծուի, թէ այս հայերը «անվստահելի անձեր են»։ Վաւերագրի 3-րդ էջով ներկայացուած է այժմ Օրտուի մէջ բնակող հայերուն ցանկը։ «Ակօս» շաբաթաթերթի Ապրիլ 9-ի թիւով հրապարակուած սոյն փաստաթուղթը կը կրէ BCA 490-1-0–0_50-199-4 ծածկագիրը։ «Ակօս»-ը կը նախընտրէ ներկայիս Օրտուի մէջ ապրող հայերուն անունները թաքցնել եւ հարցին վերաբերյալ ըրած է հետեւեալ դիտարկումը․

«Մենք գիտակցաբար հայերուն անունները ծածկած կը ներկայացնենք։ Ատիկա ըրած ենք մեկնելով այդ անհատներուն իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքէն։ Քանզի կը գիտակցինք, որ որոշ պարագաներու, որոշ ընտանիքներ, իրենց բնակութեան վայրէն եւ շրջապատէն մեկնելով, կը նախընտրեն այդ տեղեկութիւնները գաղտնի մնան»։

https://www.gazeteduvar.com.tr/yeni-belge-din-degistiren-ermeniler-zararli-gorulmekten-kurtulamamis-haber-1519739

Թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Akunq.net