Երեւանի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի «Հայաստանը եւ Թուրքիան Հարաւային Կովկասի Մէջ. Իրողութիւններ եւ Ռիսկեր» Խորհրդաժողովը
«Հայկական նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ-ն՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին հետ համագործակցութեամբ՝ Ապրիլ 23-ին, «Անի Գրանդ հոթել» հիւրանոցի «Panoramic Hall» սրահին մէջ պիտի կազմակերպէ գիտակիրառական խորհրդաժողով՝ «Հայաստանը եւ Թուրքիան Հարաւային Կովկասի մէջ․ իրողութիւններ եւ ռիսկեր» թեմայով։
Կազմակերպիչներուն կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ «2020 թ. Արցախեան երրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած է նոր աշխարհաքաղաքական եւ հասարակական իրողութիւն։ Տարածաշրջանին մէջ կտրուկ կերպով մեծցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան դերակատարութիւնը։ Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ գործօնի համալիր ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ ներկայացնելու այն ռիսկերը եւ հեռանկարները, որոնք կանգնած են Հայաստանի եւ հայութեան առջեւ։
Խորհրդաժողովը պիտի սկսի ժամը 09:30-ին։ Ընթացքին, զեկուցողները պիտի ներկայացնեն Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները (աշխարհաքաղաքականութիւն, ռազմական եւ դիւանագիտական կէտեր, ժողովրդագրութիւն եւ այլն)»։
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
09:00-10:00 Գրանցում
10:00 – 10:10 Բացման խօսք
ԲԱԺԻՆ 1-ԻՆ (10:10-11:30)
Ռուբէն Մելքոնեան – Հայաստան֊–Թուրքիա սահմանային հարցեր. պատմութիւն եւ հնարաւոր հեռանկար.
Վարուժան Գեղամեան – Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական ռազմավարութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստանի հանդէպ.
Էդգար Էլբակեան – Թուրքիան, Ազրպէյճանը եւ հայ–ազրպէյճանական հակամարտութիւնը.
Կարէն Իգիթեան – Թուրքիոյ Զինուած Ուժերը եւ Հայաստանը.
Հարց ու պատասխան (11:30-12:00)
Սուրճի ընդմիջում (12:00-12:15)
ԲԱԺԻՆ 2-ՐԴ (12:15-13:35)
Հրանդ Միքայէլեան – Թուրքիոյ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը եւ Հարաւային Կովկասը
Վարդան Ոսկանեան – Թուրքիա–Իրան մրցակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ
Սերգէյ Մելքոնեան – Թուրք–իսրայէլական յարաբերութիւնները եւ Հարաւային Կովկասը
Ճոնի Մելիքեան – Թուրքիա–Վրաստան յարաբերութիւններու ապագան
Հարց ու պատասխան (13:35-14:00)
