Լոյս Տեսած Է «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Հատորը

Հայաստան, Սփիւռք

«Ազդակ» օրաթերթը լոյս ընծայած է սուրիահայ իր աշխատակից Աւօ Գաթրճեանի
«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը։

Գիրքը կը ներկայացնէ իրադարձութիւններու ժամանակացոյցը, Հանրապետութեան կերտիչները եւ մայիսքսանութեան խորհուրդին անդրադարձող հայրենի եւ սփիւռաքահայ գործիչներու եւ մտաւորականներու մտածումները։