Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

Աշխարհ, Սփիւռք

Լիբանանի մէջ անհեռանկար իրավիճակը ընթացքի մէջ է, դրական ոչ մէկ երեւոյթ կայ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Աստուածածնայ Աւետման տօնի նախօրեակին լիբանանցիներուն մէկ մասը կը սպասէր նոր կառավարութեան կազմութեան` զայն նկատելով աւետում:

Մէկ մասը կ՛ըսենք, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ կայ այլ մաս մը, որ իր յոյսը լրիւ կորսնցուցած է Լիբանանի վերականգնումին գծով:

Անցեալ շաբաթ գարուն էր, այսօր` Աւետման տօն, կիրակի` Ծաղկազարդ, սակայն երեւութապէս տեղքայլի մէջ երեւցող երկիրը հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին` շարունակուող սղաճով, որուն նորագոյն նուաճումը մէկ կապ լիբանանեան հացի (960 կրամ) սակին 3.000 լ. ոսկիի հասնիլն էր, իսկ 445 կրամ կշռող մէկ կապ լիբանանեան հացինը` 2.000 լ. ոսկիի: