Կոչ Կ՝ընենք Նախագահին՝ Չստորագրելու Քաղաքացիական Օրէնսգրքի Փոփոխութիւնները եւ Զայն Ուղարկելու ՍԴ. Յայտարարութիւն

Հայաստան

Մարտ 24-ին ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ԱԺ փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեանի օրէնսդրական նախագիծը՝ եռապատկելով վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար նախատեսուող դրամական փոխհատուցումը՝ հասցնելով համապատասխանաբար 3 եւ 6 միլիոն դրամի։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են շուրջ մէկ տասնեակ լրագրողական կազմակերպութիւններ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի.

«Այս փոփոխութիւնը չափազանց վտանգաւոր է, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք իշխանութեան ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու եւ այլ յայտնի մարդոց հակուածութիւնը՝ նոյնիսկ առարկայական քննադատութիւնը ընկալելու իբրեւ վիրաւորանք ու զրպարտութիւն եւ դիմելու դատարան։ Իսկ դատական համակարգի հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներու առկայութեան պայմաններով՝ նման հայցերով վճիռները կրնան ճակատագրական ըլլալ ԶԼՄ-ներու յետագայ գործունէութեան համար։

Փաստօրէն, չանսալով լրագրողական եւ փորձագիտական հանրութեան քննադատութիւնը, յորդորներն ու կոչերը՝ օրէնսդիրը հաստատեց լրատուական ոլորտին վերաբերող զսպողական նախաձեռնութիւն, որ հիմնուած չէ մասնագիտական խոր ուսումնասիրութեան ու վերլուծութեան վրայ եւ կը հետապնդէ նեղ քաղաքական շահեր։

Նախագիծին նախնական տարբերակին մէջ, որ ընդունուած էր առաջին ընթերցումով, կ՝ենթադրուէր հնգապատկել վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար փոխհատուցման վերին շեմերը։ Աւելի ուշ, ԱԺ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, այնուամենայնիւ, որոշուեցաւ սահմանափակուիլ այդ շեմերու եռապատկումով, որ բնաւ ալ հարցի փոխզիջումային լուծում կարելի չէ համարել, քանի որ այդ չափերը նոյնպէս համադրելի չեն երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակին ընդհանրապէս եւ լրատուամիջոցներու նիւթական կարողութիւններուն՝ մասնաւորապէս։

Ամենեւին չպաշտպանելով վիրաւորողներն ու զրպարտողները՝ մենք՝ ներքոստորագրեալ լրագրողական կազմակերպութիւններս, կը վերահաստատենք, որ այս փոփոխութիւններով էական վնաս պիտի հասցուի խօսքի, արտայայտուելու ազատութեան ու պիտի սահմանափակուի լրատուամիջոցներու՝ առարկայական քննադատելու հնարաւորութիւնը։ Բացի այդ, ասիկա կրնայ ազդակ դառնալ դատարաններու համար եւ դրդել անոնց ընդդէմ ԶԼՄ-ներուն աւելի խիստ վճիռներու կայացման։

Ակնյայտ է, որ այս օրէնսդրական փոփոխութեամբ կը խաթարուի հաւասարակշռութիւնը Եւրոպական համաձայնագրի 10-րդ յօդուածով նախատեսուած արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքի եւ 8-րդ յօդուածով պաշտպանուած մարդու արժանապատւութեան՝ իբրեւ անձնական կեանքի բաղկացուցիչի միջեւ։ Կ՝անտեսուի նաեւ ՀՀ սահմանադրական դատարանի 2011 թուականի Նոյեմբեր 15-ի թիւ 997 որոշման այն կարեւորագոյն դրոյթը, համաձայն որուն՝ հրապարակումներու մէջ տեղ գտած վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար փոխհատուցում նշանակելու ժամանակ անհրաժեշտ է հաշուի առնել ԶԼՄ-ներու նիւթական վիճակը, որպէսզի պատասխանատւութիւնը չյանգեցնէ անոնց սնանկացման։

Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ կոչ կ՝ընենք․

ՀՀ նախագահին՝ չստորագրելու «ՀՀ քաղաքացիական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքը եւ ուղարկելու զայն Սահմանադրական դատարան՝ որոշելու անոր համապատասխանութիւնը ՀՀ Սահմանադրութեան։

Միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ հրապարակայնօրէն դիրքորոշում արտայայտելու վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան համար փոխհատուցման չափերուն վերաբերող օրէնսդրական փոփոխութիւններուն առնչութեամբ եւ յորդորելու իշխանութիւններուն՝ վերանայելու խօսքի ազատութեան սպառնացող այս եւ այլ նախաձեռնութիւնները։

ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԿՈՒՄԲ

ՄԵԴԻԱ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ «ԱՍՊԱՐԷԶ» ԱԿՈՒՄԲ

ԻՆՖՈՐՄԱՑԻԱՅԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ

«ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ» ՀԿ

«ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ» ՀԿ

ԳՈՐԻՍԻ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԿՈՒՄԲ

«ՖԵՄԻԴԱ» ՀԿ