Պիտի Պայքարինք Եւ Յաղթենք. Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Հայրենակիցնե՛ր,

Արդէն տեւական ժամանակ է՝ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը տարատեսակ բողոքներու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերու, հանրահաւաքներու, իրաւական եւ քաղաքական այլ միջոցներով կը պայքարի մեր երկիրը աղէտի հասցուցած իշխանութեան դէմ։

Այս ընթացքին մենք յաջողած ենք ձեւաւորել հանրային լայն համախմբում վարչապետի աթոռին կառչած անձի հեռացման պահանջին շուրջ։ Վարչախումբը թէեւ դանդաղ, սակայն հանրային լայն ճնշման ազդեցութեան տակ տեղի կու տայ:

Հասարկութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերու համար արդէն ակնյայտ է, որ առանց առկայ ճգնաժամի հանգուցալուծման հնարաւոր չէ Հայաստանի զարգացումը, աւելին՝ վտանգի տակ են երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Միաժամանակ ակնյայտ է, որ շարունակական պայքարի գործելաոճը որոշակի անյարմարութիւններ կը ստեղծէ քաղաքացիներուն համար, որ ամենեւին Շարժման նպատակը չէ:

Մեկնելով վերը նշուածէն՝ Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը պայքարի ներկայ շրջափուլին որոշած է.

1. Սկսիլ քաղաքական ցոյցերու նոր ալիք՝ ընդլայնելով գործողութիւններուն աշխարհագրութիւնն ու մարզերու բնակչութեան ընդգրկուածութիւնը:
2. Հանրային ճնշման պահպանման եւ Շարժման յետագայ գործողութիւններու համակարգման նպատակով Դէմիրճեան փողոցին վրայ տեղակայուած վրանային ճամբարը յայտարարել Շարժման շտաբ:
3. Վերականգնել Բաղրամեան պողոտայով ազատ տեղաշարժը՝ վերացնելով քաղաքացիներուն համար ստեղծուած անյարմարութիւնը:

Շարժման յետագայ ընելիքները ներկայացնելու համար՝ Մարտ 28-ին, ժամը 15։00-ին, Բաղրամեան-Դէմիրճեան փողոցներուն վրայ կը հրաւիրուի համապետական հանրահաւաք:

Հայրենակիցնե՛ր,

Մեր նպատակն ու օրակարգը անփոփոխ են:

Պիտի պայքարինք եւ յաղթենք։

Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդ
23.03.21թ.