Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Պահանջով Ցոյցեր՝ Սպիտակ Տան Եւ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ՀԵԴ-ի «Անի» ուխտին՝ Շաբաթ, 20 Մարտին, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սպիտակ տան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ պահանջելով Ազրպէյճանի կողմէ ապօրին կերպով գերի պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Նախ ցուցարարները հաւաքուեցան դեսպանատան առջեւ։ Անոնք՝ առաջորդութեամբ իրենց պահանջին հսկայ պաստառը կրող փոխադրակառքի մը, 15 մղող քշեցին դէպի Սպիտակ տուն, ամբողջ ճամբուն տեւողութեան այս հարցը լուսարձակի տակ պահելով։

Ցոյցերուն տեսանիւթը կարելի է դիտել կայքէջին վրայ։

0324AYF1