
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Պիտի Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը Նոյն Ձեւաչափով
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը Շաբաթ օր հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
20 Մարտ 2021-ին տեղի ունեցած է Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդի նիստ:
Քննարկելով ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը` Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը վերահաստատած է, որ կը շարունակէ նոյն ձեւաչափով գործունէութիւնը` օրակարգի վրայ ունենալով նախապէս յայտարարուած դիրքորոշումներն ու նպատակադրումները:
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ